2017-03-24 09:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` Եւրոպայի քաղաքական Իշխանութիւններու հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 24 Մարտ 2017-ի առաւօտեան 9-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ առաքելական պալատի Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ կայացած Քառասնորդացի 3-րդ խորհրդածութեան զոր ներկայացուց Առաքելական Տան Քարոզիչը Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան որ այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրած է ''Ոչ ոք կարող է ըսել Յիսուս Տէրն է` եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով'' քաղուած Պօղոս առաքեալի Կորընթացիներուն առաջին ուղղուած նամակէն (Գլ. 12,3)։

Խորհրդածութեան նիստի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Մարք Ուելլէն որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Ֆիժի հանրապետութեան նախագահ Ժիոժի Քոնուսի Քոնրոթէի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան, հուսկ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլերը։

Յետմիջօրէի 6-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Ռէճա դահլիճին մէջ յատուկ ունկնդրութիւն կը շնորհէ եւրոպական միութեան կառավարութեան անդամներուն ու եւրոպայի երկիրներու կառավարիչներուն որոնք Հռոմ ժամանած են նշելու համար Հռոմի Պայմանագիրի ստորագրութեան 60 ամեակը։

Հանդիպումին ներկայ կը գտնուին եւրոմիութիւնը ներկայացնող իշխանութիւնները գլխաւորութեամբ Եւրոմիութեան նախագահ Տիար Անթոնիօ Թայանիի որ Իտալիոյ վարչապետ Տիար Փաոլօ Ճենթիլոնիի հետ ողջոյնի խօսքեր պիտի ուղղեն Ֆրանչիսկոս Պապին, որոնց աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ՛ուղղէ բոլոր ներկաներուն։

Յայտնենք թէ այս երրորդ անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առիթը կ՛ունենայ հանդիպելու Եւրոպայի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, առաջինը տեղի ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ` 25 նոյեմբեր 2014-ին, երկրորդը Վատիկանի մէջ 6 Մայիս 2016-ին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.